Ընտանեկան յուշերէս
Իւրաքանչիւր ընտանիք ունի իր պատմութիւնը: Հայուն պարագային, մեր պատմութիւնը ունի իր իւրայատկութիւնները, որոնց մէջ տիրական են ցեղասպանութիւնը եւ տեղահանութիւնը: Մեր արմատները, որոնք սկսան պատմական Հայաստանէն եւ Կիլիկիայէն, տարածուեցան ամբողջ աշխարհի մէջ:
Իմ ընտանիքի արմատները կու գան Այնթապէն եւ Հասան Պէյլիէն: Դժբախտաբար ընտանիքիս աւելի քան 25 անդամներ կոտորուեցան Ատանայի ջարդերուն եւ 1915-ի Ցեղասպանութեան ընթացքին, իսկ մնացեալը հասաւ Միջին Արեւելքի տարբեր երկիրներ: Մեծ ծնողքս ընտանեօք` հայրս մանուկ, հաստատուեցան Հալէպ, որմէ ետք հայրս ու մայրս անցան Պէյրութ, ուրկէ ալ ընտանիքիս անդամները դարձեալ սկսան տարածուիլ քիչ մը ամէն տեղ: Սփիւռքահայու պատմութիւնն է, որ կը կրկնուի:
Հայրս` Վահէ Ճէպէճեան, դեղագործ էր, բայց երաժշտութիւնը իր ամբողջ էութիւնն էր: Ուրախ մարդ էր եւ կը ստեղծէր զուարթ տրամադրութիւն` ընտանեկան թէ բարեկամական հաւաքներու ընթացքին: Հօրեղբայրս` տոքթ. Ռոպեր Ճէպէճեան, մասնագէտ ակնաբուժ էր Հալէպ եւ ստեղծած էր իր անձնական հիւանդանոցը (որ մինչեւ այսօր տակաւին կը բանի) եւ ստացած յատուկ պետական արտօնագիր` շրջանաւարտ բժիշկներ պատրաստելու ակնաբուժական մասնագիտութեան մէջ:
Հօրեղբայրս լուրջ էր` խիստ դէմքով եւ շատ ուղղամիտ: Իր ներաշխարհին մէջ կար սէրը արուեստի նկատմամբ, եւ իր ինքնութիւնը կը տրոփէր հայութեամբ եւ Հայաստանով: Հմուտ մտաւորական, որ շատ ժամանակ կու տար մատենագիտական եւ մամուլի ու պատմական արխիւներ պրպտելով եւ հաւաքելով: Ան ստեղծած էր իր գրադարանը` Հալէպ, ուր հաւաքած էր բազմաթիւ գիրքեր եւ մամուլի պարբերաթերթեր: Այս գրադարանը տակաւին կը մնայ Հալէպի մէջ:
Մանկութենէս դէպի պատանեկութիւն պիտի մեծնայի հօրս եւ հօրեղբօրս երկու «ծայրայեղ» նկարագիրներու խաչմերուկին: Կը տեսնէի հօրս շէն կեանքն ու իր երաժշտական գործունէութիւնները լիբանանահայ գաղութին մէջ եւ, միւս կողմէ, հօրեղբօրս մտաւորական, ազգային եւ հայրենի գործունէութիւնները, որոնց նկատմամբ տածած էր մեծ սէր եւ նուիրում:
Հօրեղբայրս մնաց Հալէպ, երբ իր զաւակները մեկնեցան Եւրոպա եւ Միացեալ Նահանգներ: Ան կառչած էր Հալէպին` որպէս սփիւռքահայ ամուր կռուանի, եւ ունէր համակ սէր ու նուիրուածութիւն Սուրիոյ հայրենիքին հանդէպ: Ես ալ մնացի Պէյրութ, երբ իմ երկու քոյրերս արդէն մեկնած էին Լիբանանէն:
Հայրս մահացաւ կանուխ, իսկ ասոր յաջորդեց մօրս կանխահաս մահը: Այս իմաստով հօրեղբայրս եղաւ ամմօ-ծնողք: Յաճախակիօրէն Հալէպ էի աշխատանքով եւ եկեղեցական ժողովներու համար, այդպէս ալ հօրեղբօրս հետ յարաբերութիւնս եւ կապուածութիւնս ամրացան: Սկսայ հասկնալ իր ազգային եւ մտաւորական ներաշխարհն ու Հայաստանի նկատմամբ իր նուիրումը եւ սէրը: Այս բոլորէն անդին` կը սորվէի իրմէ շատ բան, նոյնիսկ երբ չէի համաձայներ իր բոլոր մտասեւեռումներուն հետ:
Հօրեղբօրս համար Հայաստանը հայրենիք էր ու ամէն «գոյն»-է վեր: Ան միեւնոյն ժամանակ ունէր համոզմունք, ուր կը տեսէր Հայաստանի բարօրութիւնը, ապահովութիւնը եւ յառաջխաղացքը խորհրդային համակարգի մէջ: Ան ապրած էր Ցեղասպանութիւնը եւ տեղահանութիւնը: Տեսած էր հայ գաղթականներու վիճակը Հալէպի մէջ, եւ թէ ինչպէ՛ս անոնք համաճարակէ վարակուելով` կը մահանային ու կը թաղուէին հաւաքական փոս-գերեզմաններու մէջ: Ան այս բոլորը գրած է իր յուշերուն մէջ:
Հօրեղբօրս հետ հանդիպումներս ուէին նաեւ մտքերու փոխանակում: Միշտ չէ, որ կը համաձայնէի իր ազգային կեցուածքներուն ու հայեցակէտերուն հետ: Երիտասարդական տաքարիւն օրերուս մէջ էի եւ կը վիճաբանէի անոր հետ: Բժշկապետ-ուսուցիչ էր եւ կը քաջալերէր զիս, որ տեսակէտ ներկայացնեմ, նոյնիսկ երբ այդ տարբեր էր:
Հօրեղբօրս յարաբերութիւն-կապերը Հայաստանի հետ շատ ջերմ էին եւ հարազատ: Ան շատ մօտէն կը գործակցէր Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէին եւ անոր նախագահ Վարդգէս Համազասպեանի հետ: Տարին քանի մը անգամ կ՛այցելէր Հայաստան եւ մեծ օժանդակութիւն ու նպաստ կը տրամադրէր: Կը սքանչանայի իր աշխուժ եւ նուիրական կեանքով, յատկապէս` Հայաստանի նկատմամբ:
1991 թուականին Հայաստան անկախացաւ, եւ խորհրդային համակարգը փուլ եկաւ: Հօրեղբայրս, ինչպէս սովոր էր, այցելութիւն մը տուաւ Հայաստան այդ օրերուն: Հայաստան իր քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային դժուար պայմաններուն մէջ էր: Ան վերադարձաւ Հալէպ եւ հետս ոչ մէկ բան բաժնեկցեցաւ իր այցելութեան մասին:
Զարմացած էի հօրեղբօրս «լռութեամբ»: Կ՛ուզէի յարգել եւ չխանգարել անոր լռութիւնը, թէեւ կ՛ուզէի հարցնել Հայաստան կատարած իր այցելութեան տպաւորութիւններուն մասին: Լաւ հասկցած էի անոր նկարագիրն ու տրամադրութիւնները եւ գիտէի, թէ որքա՛ն խորքային է անոր ներաշխարհը: Եկաւ օրը, երբ ուզեցի հարց տալ իրեն. «Ամմօ՛, ի՞նչ էր տպաւորութիւնդ Հայաստան այցելութեանդ, հիմա որ անկախութիւն ձեռք ձգեցինք»: Այդ օրերուն, բնականաբար, բոլորս ալ խանդավառ էինք նորանկախ մեր պետականութեամբ:
Հօրեղբայրս տեսաւ, թէ չէր կրնար այլեւս լուռ մնալ իր եղբօրորդիին հետաքրքիր աշխարհին նկատմամբ: Ես ալ լաւ գիտէի, թէ ան զուսպ անձ մըն է եւ բամբասանք բառը գոյութիւն չունի իրեն համար: Աչքերը ինծի յառեց եւ իր լուրջ դէմքով ըսաւ. «Այս վիճակը ապագայի չի տանիր մեզ»:
Զարմացա՞ծ էի, թէ՞ հիասթափած: Չկրցայ հասկնալ հօրեղբօրս արտայայտութիւնը, երբ բոլորս ուրախութեամբ տոգորուած էինք մեր անկախ պետականութեամբ: Երիտասարդական տաքարիւն նկարագիրս մղեց զիս հակաճառելու: Ան մնաց լուռ եւ չուզեց աւելի խօսիլ:
Հօրեղբօրս համար այդ եղաւ իր վերջին այցելութիւնը Հայաստան: Անշուշտ կար իր տարիքը եւ այդ տարիքին պարտադրած ճամբորդելու սահմանափակումները: Բայց ան չգնաց:
Հօրեղբայրս երբեք կանգ չառաւ ազգային եւ մտաւորական իր աշխատանքներէն: Ան շատ աւելիով կառչեցաւ իր մատենագիտական աշխատանքներուն եւ լծուեցաւ հարստացնելու իր գրադարանի հաւաքածոն: Ան աւելիով զարկ տուաւ հայ-արաբ յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ իր վերջին գործերէն մին եղաւ Սուրիոյ հայ բժիշկներու մեծ ներդրումը սուրիական հայրենիքի բժշկական կեանքի յառաջխաղացքին մէջ` արաբերէն լեզուով:
Հօրեղբայրս կը յառաջանար տարիքով: Առողջական վիճակը վատթարացաւ, եւ ստացաւ կաթուած: Հիւանդանոց փոխադրուեցաւ եւ հոն ունեցաւ արթուն-քնացած վիճակներ: Իր վերջին ուշքի վիճակին մէջ` հիւանդանոցի անկողինին քամուած, չմոռցաւ յիշեցնելու մեզի, թէ արաբերէն գիրքին մէջ կային սխալներ, զորս մեր ուշադրութեան յանձնեց, որպէսզի սրբագրուէին գիրքը հրատարակուելէ առաջ: Ան ապրեցաւ իր ազգային եւ հայրենանուէր կեանքը մինչեւ իր վերջին շունչը` առանց դադարի:
Հօրեղբայրս մահացաւ իր այդքան սիրած «Երազային Հալէպի» մէջ եւ թաղուեցաւ նոյնքան իրեն սիրելի Քեսապի Էքիզօլուք գիւղին մէջ: Բերիոյ թեմի այդ օրերու առաջնորդ` երջանկայիշատակ Սուրէն արք. Գաթարոյեան, մեզի հետ կապ հաստատեց եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց` կազմակերպելու «ազգային թաղում», եթէ կը փափաքէինք: Պարզ է, որ մեծապէս զգացուած էինք սրբազան հօր այս վերաբերումին եւ առաջարկին համար: Սրբազան հայրը ներկայ եղաւ հօրեղբօրս յուղարկաւորութեան պաշտամունքին, որ տեղի ունեցաւ Հալէպի Հայ աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցիին մէջ եւ արտասանեց իր սրտի խօսքը:
Յուղարկաւորութեան ընթացքին ինձմէ խնդրուեցաւ, որ յղեմ ընտանիքի խօսքը: Մէկ կողմէ` խեղդեցի արցունքներս, իսկ միւս կողմէ` խտացուցի հօրեղբօրս հետ ապրած կեանքս: Այդ խտացումին մէջէն տուի իմ վկայութիւնս. «Հօրեղբայրս մեզի սորվեցուց հայրենասիրութիւն եւ ազգասիրութիւն` անոնց արժէքի ամբողջական համակարգով»: Այս արժէքի գիտակցութիւնը կը շարունակուի մինչեւ այսօր:
Հօրեղբօրս հետ անցուցած օրերս եղան լեցուն եւ բովանդակալից: Այս օրերուն իր խօսքը` մեր այդ մէկ հանդիպումին ընթացքին, դարձեալ կը չարչրկէ միտքս ու հոգիս:
«Այս վիճակը ապագայի չի տանիր մեզ»:
Դժուար պիտի չըլլայ հասկնալ, թէ ինչո՛ւ հօրեղբօրս այս խօսքը` ներկայ մեր օրերուն, դարձեալ կը յիշեմ եւ մտահոգ տրամադրութիւններով: Մտահոգութիւնը մեր հայրենիքի ներկայ օրերու ապրած ճգնաժամն է:
«Այս վիճակը ապագայի չի տանիր մեզ»:
Ճի՞շդ էր հօրեղբայրս իր այդ օրերու ըրած մտայղացումին մէջ:
Պատասխան չունիմ եւ չեմ ալ գիտեր:
Բայց գիտեմ մէկ բան, որուն պատասխանը ունիմ:
Մեր ներկայ օրերու հայրենիքի այս վիճակը չի կրնար շարունակուիլ: Մենք պէտք է վերջ մը դնենք մեր ներքին առճակատումներուն, անհամաձայնութիւններուն, անմիաբանութեան ու` տակաւին: Այսօր ժամն է զգաստանալու: Ուշ ենք, այո՛, բայց, ոչ ուշացած:
Պետութիւն-իշխանութիւն, ընդդիմադիր բոլոր կողմերը, եկեղեցի, սփիւռք(ներ)ը եւ հայը: Ես, դուն եւ բոլորս: Պէտք է ու պիտի զգաստանանք բոլորս:
Պէտք է ու պիտի զգաստանանք բոլորս` ՄԻԱՍԻՆ, եւ պիտի տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս դուրս պիտի գանք այս «լաբիւրինթոս» վիճակէն: Միասին շատ բան կրնանք ընել:
Եթէ պիտի ուզենք հայրենիքը պահել եւ ապագային համար զայն կերտել, այս պիտի նշանակէ, որ միասին այս վիճակէն դուրս գալու լուծումներ պիտի որոնենք:
«Այս վիճակը ապագայի չի տանիր մեզ»:
Բայց մենք կոչուած ենք ապագան կերտել եւ հայն ու հայրենիքը վաղուան օրուան համար պատրաստել:
Պիտի ընե՞նք:
Հոկտեմբեր, 2025
Դոկտ. Հրայր ՃԷՊԷՃԵԱՆ